2011-07-06 12:28:13

Կարտինալ Թոռան կ'ընդգծէ բարենպաստութիւնը Ասիզիի հանդիպումներուն` <<միջկրօնական երկխօսութիւնը չի նպատակադրէր համաշխարհային նոր կրօն մը ստեղծելու>>։


Յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին Իտալիոյ Ասիզի սրբավայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ ''երկխօսութեան եւ աղօթքի օր''։ Այս առթիւ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհրդի մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ուզեց մատնանշել այդ երկխօսութեան բնոյթը` <<մենք նպատակ չունինք, ըսաւ կարտինալը, ստեղծել բոլորէն ընդունուած նոր կրօն մը, այլ ուղղել աւաղաղուած նկարը ու նախապաշարումը հանդէպ անհատներու ու համայնքներու>>։
Կրօնական երկխօսութիւնը չունի որպէս նպատակ ընդգծել տարբերութիւնները եւ ոչ ալ զանոնք ջնջել։ Այս երկխօսութիւնը դիւանագիտական կլոր սեղան մը չէ կրօներու պատասխանատուներու միջեւ եւ ոչ ալ դաշտ` զիջումներու։ Անիկա չի համապատասխաներ քաղաքական եւ ընկերային շահերու։
Ասիզիի հանդիպումը պիտի հանդիսանայ աղօթքի ու երկխօսութեան փոխադարձ վկայութեան առիթ զանազան կրօներու պատկան հաւատացեալներու միջեւ, լաւագոյնս ճանչնալու իւրաքանչիւրին կրօնը։ Ահա այս պատճառաւ Վատիկանը ոչ միային կրօներու պատասխանատուներ հրաւիրած է այդ հանդիպումին այլ եւ կոչ ուղղած` գիտութեանց ու մշակոյթի անձնաւորութիւններուն մասնակցելու երկխօսութեան ու աղօթքի հանդիպումին։
Յայտնենք որ Ս. Աթոռի պատասխանատուները պատշաճ դատեցին Ասիզիի հանդիպումը դարձեալ կազմակերպել վերակոչելու համար երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի, 25 տարի առաջ, 1986ի Ասիզիի մէջ կազմակերպած հանդիպումը։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. ֆրանչիսքոսի քաղաքը դարձեալ կը հրաւիրէ քրիստոնեայ բոլոր յարանւարութիւններու ներկայացուցիչները, աւանդական կրօնապետերը, բարի կամք ունեցող հաւատացեալ թէ ոչ հաւատացեալ մարդիկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.